Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն յանձնած է հարազատներու կողմէ ուղարկուած ծանրոցները: Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի փոխնախագահ Էլչին Շիրինովը:
Ան մանրամասնած է, որ խօսքն Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի մասին է:
«Հանդիպման ընթացքին կալանաւորները գոհունակութիւն յայտնած են պահման պայմաններու համար, յայտնած են, որ իրենց համար պարբերաբար զբօսանքներ կը կազմակերպուին, պայմաններ ստեղծուած են ընտանիքի անդամներու հետ ամենշաբաթեայ հեռախօսազրոյցի համար: Անոնք ապահովուած են անհրաժեշտ գիրքերով, հեռուստացոյցի եւ ելեկտրոնային գրադարանի հասանելիութիւն ունին, ինչպէս նաեւ կրնան օգտուիլ մարզասրահէն: Ընտանիքի անդամներու խնդրանքով անոնց փաստաբան նշանակուած է: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները կալանաւորներուն յանձնած են Հայաստանէն անոնց ընտանիքներու կողմէ ուղարկուած ծանրոցները»,-ըսած է Շիրինովը: