image

Կարեւոր է, որ Հայաստանն ընդունի իրեն մեկնուած խաղաղութեան ձեռքը․ Հուլուսի Աքար

Կարեւոր է, որ Հայաստանն ընդունի իրեն մեկնուած խաղաղութեան ձեռքը․ Հուլուսի Աքար

Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգային պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Հուլուսի Աքար հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատի զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Մայք Ռոճըրսի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։

Հանդիպման ընթացքին Աքար նշած է․

«Յոյսով եմ, որ  կը շարունակենք կարծքիներու եւ այցերու փոխանակումը ի շահ մեր երկիրներու, ՆԱԹՕ-ի, տարածաշրջանային կառոյցներու, խաղաղութեան, կայունութեան եւ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ որոշ խնդիրներու լուծման։ Յոյսով եմ, որ այցէն կը ստանանք դրական արդիւնքներ»։

Հանդիպումէն յետոյ լրագրողներու հետ հարցուպատասխանի ընթացքին Աքար նշած է, որ հանդիպման քննարկած են նաեւ այն ամէնը, ինչ թրքական կողմը կ'ընէ Ատրպէյճան-Հայաստան հարցի հետ կապուած ու պնդած, թէ կարեւոր է, որ Հայաստան ընդունի իրեն մեկնուած խաղաղութեան ձեռքը։