26 Մարտին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Ջաւախքին աջակցութիւն հիմնադրամի («ՋԱՀ») խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանը, խորհուրդի անդամներ, գործարար Մնացական Գասպարեանը (Մոսկուա), գործարար Աղասի Սահակեանը (Ս.Փեթերսպուրկ), բարերար Քաջիկ Նուրիջանեանը (Երեւան), գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանը, գործադիր տնօրէնի իրաւական եւ ֆինանսական հարցերով տեղակալ Սամուէլ Մկոյեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց անոնց ազգանուէր եւ հայապահպան գործունէութիւնը, նախանձախնդիր վերաբերմունքը Ջաւախքի համայնքային, մշակութային, կրթական հարցերու լուծման: Նախարարը պատուոգիրներ յանձնեց Աղասի Սահակեանին, Մնացական Գասպարեանին եւ Աշոտ Յակոբեանին` Սամցխէ-Ջաւախք եւ Քուեմօ Քարթլի նահանգներու հայ համայնքներու հասարակական կեանքի զարգացման եւ հայ-վրացական համագործակցութեան սերտացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացմանն աշխոյժ մասնակցելու համար:
Քննարկուեցան համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները, մարտահրաւէրները, անդրադարձ կատարուեցաւ դպրոցներու մէջ նոր արհեստագիտական ծրագիրներու ներդրման հնարաւորութեան:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին արդիւնաւէտ հանդիպման համար, նախարարին ներկայացուցին իրականացուած աշխատանքները, յետագայ ծրագիրները, պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի սերտ համագործակցիլ Սփիւռքի նախարարութեան հետ: