image

Իզմիր. Մատուցուած է հայածէս Սուրբ Պատարագ

Իզմիր. Մատուցուած է հայածէս Սուրբ Պատարագ

Օրերս, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, Իզմիրի Կէօզթէփէ թաղի Նոթր տամ տը Լուրտ Լաթին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ հայածէս Ս. Պատարագ մատուցուած է, ձեռամբ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանի։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, Իզմիրի Կէօզթէփէ թաղի Նոթր տամ տը Լուրտ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ հայածէս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ձեռամբ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանի։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Պարգեւ Օհանեան, Բրկ. Սարվէն Թուղլա եւ Բրկ. Արման Մարազեան ուրարակիր դպիրները։ Երգեցողութիւնները վարեց եւ երգեհոնով ընկերացաւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։

Արարողութեանց մասնակցեցան Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Վիճակաւոր Մոնս. Մարթին Քմեթէք Եպս., Ատրիան Պագու վրդ, քաղաքի Անկլիքան Եկեղացիէն Ճէյմս Պաքսթըն, Իզմիրի Յոյն Օրթոտոքս Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ Տիմիթրիոս Սրկ., Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ Իզմիր քաղաքի խորհուրդի նախագահ Էօզկիւր Թօփաչ, Փրօֆ. Տքթ. Ատնան Եիւքսէլ Կիւրիւզ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ խրատական խօսեցաւ պատարագիչ Տէր Հայրը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան մասին։ Հաւաքական խոստովանանքը կատարեց Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Նորին Ամենապատուութեան ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխանցեց եւ սրտի խօսք արտասանեց։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Վիճակաւորին, որ տրամադրեց սոյն եկեղեցին։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։

Հոգեւոր հայրեր ու տիրացուներ նոյն գիշեր վերադարձան քաղաքս։