image

Իսրայէլը պէտք է աջակից ըլլայ Պաղեստին պետութեան ստեղծման. Պլինքըն

Իսրայէլը պէտք է աջակից ըլլայ Պաղեստին պետութեան ստեղծման. Պլինքըն

Իսրայէլը չի հասնիր տարածաշրջանի լիարժէք համարկման՝ առանց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման աջակցելու, Թէլ Աւիւի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը։ Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:

Ըստ անոր՝ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու բոլոր դաշնակիցները համակարծիք են, որ խաղաղութիւնը կրնայ գալ միայն համարկուած, տարածաշրջանային մօտեցման միջոցով, որ կը ներառէ ճանապարհ դէպի պաղեստինեան պետութիւն:

«Այս նպատակին հասնելու համար Իսրայէլը պէտք է գործընկեր ըլլայ պաղեստինեան առաջնորդներու համար, որոնք պատրաստ են առաջնորդել իրենց ժողովուրդը Իսրայէլի հետ որպէս հարեւաններ խաղաղութեան մէջ կողք կողքի ապրելու համար: Իսրայէլը պէտք է դադրեցնէ ձեռնարկել քայլեր, որոնք կը խաթարեն պաղեստինցիներու՝ արդիւնաւէտ կառավարելու կարողութիւնը», -ըսած է Պլինքըն:

Ան նշած է, որ Պաղեստինի ինքնավարութիւնը նոյնպէս պէտք է «բարեփոխէ ինքն իրեն՝ բարելաւելու իր կառավարումը», եւ որ ինքը չորեքշաբթի պիտի բարձրացնէ այդ հարցերը Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ։

«Եթէ Իսրայէլ կ՚ուզէ, որ իր արաբ հարեւանները կոշտ որոշումներ կայացնեն, որոնք անհրաժեշտ են իր կայուն անվտանգութիւնն ապահովելու համար, Իսրայէլի առաջնորդները եւս ստիպուած պիտի ըլլան իրենք ծանր որոշումներ կայացնել», -ըսած է Պլինքըն: