image

Իսրայէլը մտադիր չէ ընդմիշտ բռնագրաւել Կազան կամ տեղահանել անոր խաղաղ բնակչութիւնը. Նաթանիահու

Իսրայէլը մտադիր չէ ընդմիշտ բռնագրաւել Կազան կամ տեղահանել անոր խաղաղ բնակչութիւնը. Նաթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իսրայէլը «մտադրութիւն չունի ընդմիշտ բռնագրաւել Կազան կամ տեղահանել անոր խաղաղ բնակչութիւնը»։

«Թոյլ տուէք պարզ ըլլալ՝ Իսրայէլը մտադիր չէ ընդմիշտ բռնագրաւել Կազան կամ տեղահանել անոր խաղաղ բնակչութիւնը։ Իսրայէլը կը պայքարի ՀԱՄԱՍ-ի ահաբեկիչներու դէմ, այլ ոչ թէ պաղեստինցի բնակչութեան դէմ, եւ մենք այդ կ՚ընենք միջազգային իրաւունքին լիովին համապատասխան: Մեր նպատակն է ազատել Կազայի հատուածը ՀԱՄԱՍ-ի ահաբեկիչներէն եւ ազատել մեր պատանդները։ Ատոր հասնելէ ետք Կազան կրնայ ապառազմականացուիլ եւ ապաարմատականացուիլ՝ այդպիսով իսկ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար աւելի լաւ ապագայի հնարաւորութիւն ստեղծելով», -ըսած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ, իշխանական «Լիքուտ» կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամներէն մէկը չորեքշաբթի պնդած է, որ Նաթանիահուն նախապէս աջակցութիւն յայտնած է Կազայի սահմաններէն դուրս պաղեստինցիներու կամաւոր վերաբնակեցման գաղափարին, սակայն այս տարբերակը քննարկումէ հանուած է Միացեալ Նահանգներու դէմ ըլլալու պատճառով:

«Վարչապետը երկու շաբաթ առաջ այս սենեակին մէջ ըսաւ, որ այդ լաւ գաղափար է», - պատմած է Տենի Տանոնը The Times of Israel-ին՝ հաստատելով աւելի վաղ տարածուած լուրն այն մասին, որ վարչապետը տեղեկացուցած է «Լիքուտ» խմբակցութեան հանդիպման, որ կ՚աշխատի նպաստելու Կազայէն պաղեստինցիներու կամաւոր արտագաղթին: