Իսրայէլի մայրաքաղաք Թէլ Աւիւի, Ռամատանի, Նազարէթի ու Երուսաղէմի քաղաքապետարանները վերջին ամիսներուն նախազգուշական նամակներ ուղարկեցին քրիստոնէական եկեղեցիներուն, եւ կամ դատական գործողութիւններու դիմեցին՝ քրիստոնէական եկեղեցիներուն պարտադրելու համար հարկային վճարումներ։
Այս նոր զարգացումը բողոքի ալիք ստեղծեց։ Այսպէս՝ Երուսաղէմի հայկական եւ այլ եկեղեցիներու առաջնորդները միացան ընդդէմ քաղաքապետարանին, որ որոշում ընդունած է եկեղեցական գոյքի վրայ համայնքային տուրքեր սահմանելու առնչութեամբ։
Լուրը կը հաղորդէ The Jerusalem Post։
Կիրակի, 23 Յունիսին, պատրիարքներու եւ եկեղեցիներու ղեկավարներու անունով հրապարակուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ առաջնորդները խոր մտահոգութիւն կը յայտնէին քաղաքապետարանի վերոյիշեալ որոշման առնչութեամբ, դիտել կուտային նաեւ որ որոշումը ներհակ կը մնայ եկեղեցիներու եւ քաղաքային իշխանութիւններու միջեւ դարաւոր եւ պատմական համաձայնութիւններուն։
«Մենք կը յայտարարենք, որ այդ քայլը կը խարխլէ թէ՛ Երուսաղէմի՝ Սուրբ քաղաքի բնոյթը, թէ՛ վտանգի տակ կը թողու եկեղեցիներու կարելիութիւնը՝ այս երկրին մէջ ծառայութիւն մատուցելու ի նպաստ իրենց համայնքներուն»,– յայտարարած են եկեղեցիներու ղեկավարները։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու զգալի ներդրումը՝ Երուսաղէմի դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն, ծերանոցներուն եւ անապահով խաւերու համար նախատեսուած հաստատութիւններուն։
Եկեղեցիներու առաջնորդները կոչ յղեցին Երուսաղէմի քաղաքապետարանին՝ ետ կանչելու որոշումը եւ պահպանելու պատմականօրէն հաստատուած սթաթիւ քօ-ն։
Նշենք, որ յայտարարութեան տակ ստորագրած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան։