Զելենսքին պատրաստ չէ խաղաղ կարգաւորման։ Այս մասին ընկերային ցանցի իր էջին գրած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Զելենսքին պատրաստ չէ խաղաղ կարգաւորման։ Ան Սպիտակ տան մէջ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերած է ԱՄՆ-ի նկատմամբ։ Ուքրանիոյ նախագահը կրնայ վերադառնալ, երբ պատրաստ ըլլայ»,-գրած է ան։
Թրամփի եւ Զելենսքիի նախատեսուած մամուլի ասուլիսը չեղարկուած է։ Զելենսքին հեռացած է Սպիտակ տունէն։
Կողմերն ընդհանուր յայտարարի չեն եկած։