image

Իսրայէլի հարուածները Կազայի վրայ հասած են կոտորածի աստիճանի, միջազգային հանրութեան լռութիւնը ամօթ է մարդկութեան համար. Էրտողան՝ Հռոմի պապին

Իսրայէլի հարուածները Կազայի վրայ հասած են կոտորածի աստիճանի, միջազգային հանրութեան լռութիւնը ամօթ է մարդկութեան համար. Էրտողան՝ Հռոմի պապին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի հետ քննարկած է Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ հակամարտութիւնը՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդին ըսելով, որ Իսրայէլի հարուածները Կազայի վրայ «հասած են կոտորածի աստիճանի»,եւ որ միջազգային հանրութեան լռութիւնը «ամօթ է մարդկութեան համար»։ Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:

Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ բոլորը պէտք է աջակցին Կազայի անմեղ խաղաղ բնակիչներուն անխափան օգնութիւն հասցնելու ջանքերուն: 

Էրտողան կրկնած է Թուրքիոյ դիրքորոշումն այն մասին, որ հակամարտութեան վերջանական լուծումը կրնայ ըլլալ միայն անկախ Պաղեստին պետութեան ստեղծման միջոցով։