image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլեան ԶԼՄ-է արձագանգ Պաքուի մէջ պատահածին վերաբերեալ

Իսրայէլեան ԶԼՄ-է արձագանգ Պաքուի մէջ պատահածին վերաբերեալ

Ատրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւնները կանխած են Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան վրայ յարձակման փորձը։ Այս մասին գրած է իսրայէլեան Ynet պարբերականը։

Պարբերականը գրած է, որ, ենթադրաբար, իրանական ծագումով, զինեալ տղամարդը փորձած է մուտք գործել դեսպանատուն, սակայն ձերբակալուած է Ատրպէյճանի պետական ​​անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ։ Անոր ձերբակալած են չորս ամսով։

2023 թուականի նոյեմբերին Մ.Խ. Հոսէյնզատէն ահաբեկչութիւն իրականացնելու նպատակով փորձած է մուտք գործել Պաքուի մէջ գտնուող օտար երկրի դիւանագիտական ​​ներկայացուցչութեան վարչական շէնք։ Պետական ​​անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ իրականացուած գործողութիւններու հետեւանքով Հոսէյնզատէն ձերբակալուած եւ զինաթափուած է։