Սաղիմահայ Սերոբ Սահակեան կը գրէ. «Երէկ երեկոյեան Թէլ Աւիւի իր տան մէջ իր մահկանացուն կնքեց մեծ հայասէր ու խաղաղութեան ռահվիրայ, 1999 տարուան Իսրայէլի կրթութեան նախարար Եոսի Սարիտը: Սարիտ, որ յայտնի է իր հայանպաստ կեցուածքներով բազմիցս մասնակից եղած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումներուն: Սարիտ տարբեր առիթներով խօսած է հայկական հարցին մասին եւ իսրայէլեան կառավարութիւնէն պահանջած ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Սարիտի հայանպաստ կեցուածքները այլ դրդապատճառներու կողքին պատճառ հանդիսացան, որ ան կորսնցնէ իր նախարարական աթոռը եւ մասամբ հեռանայ Իսրայէլի քաղաքական բեմահարթակէն»: