image

Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մտադիր են յարձակում գործել Իրանի դէմ. Նորատ Տէր Գրիգորեանց

Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մտադիր են յարձակում գործել Իրանի դէմ. Նորատ Տէր Գրիգորեանց

Ատրպէյճան եւ Թուրքիա Պաքու հրաւիրեցին Իրանի ամենաոխերիմ թշնամին՝ Իսրայէլը, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ նոյնիսկ Հայաստանի հայութիւնը ոչնչացնելու համար Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը զինէ մահաբեր եւ նոյնիսկ  արգիլուած զէնք-զինամթերքով: Այս մասին ըսած է  խորհրդային եւ հայ զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանցը:

«Իմ  կարծիքով, Իրանը ճիշդ կը վարուի, երբ զինուած ուժերը լիարժէք մարտական պատրաստութեան կը յանգեցնէ եւ կը մօտենայ թշնամի Ատրպէյճանի սահմաններուն` զօրավարժութիւններ իրականացնելու, երկիրը պաշտպանելու նպատակով զինուած ուժերուն եւ ժողովուրդին միջեւ փոխգործակցութիւն կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ այս խորամանկ սադրիչներուն յանկարծակի յարձակումը կանխելու համար», ըսած է զօրավար Տէր Գրիգորեանցը: 

Ան ընդգծեց, որ Արցախի դէմ պատերազմի քօղին տակ Ալիեւը «ՆԱԹՕ-ական Թուրքիան արդէն բերած է Ռուսաստանի քիթին տակ»:

«Յոյսով եմ, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդը այս իրավիճակը կը կարգաւորէ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռէճէպ Էրտողանի հանդիպումէն ետք», պարզաբանած է Տէր Գրիգորեանցը:

1 Հոկտեմբերին Ատրպէյճանի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ՝ Ատրպէյճանի սահմանին, սկսած են վերջին տասնամեակներու ընթացքին «Խայպերի նուաճողները» ամենամեծ զօրավարժութիւնները:

«Իրանի համար անընդունելի է այս տարածաշրջանի երկիրներու պետական սահմաններու փոփոխութիւնը: Բոլոր օրինական սահմանները պէտք է յարգուին: Որեւէ երկրի հաւանական թուլութիւնը իր սահմաններուն պաշտպանութեան հարցի շուրջ չի նշանակեր, որ մէկ այլ երկիր պէտք է սահմանը հատէ արտաքին օգնութեամբ: Իրանը այս մէկը թոյլ չի տար», ըսած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիոմարս Հէյտարին: