Հանդիպումը եզրափակուեցաւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով եւ եղբայրական ողջոյններով։ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր սրտագին ողջոյնները փոխանցեց նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին։
Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2026-ին, Քեսապ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Քեսապի Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի եօթը հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պեզեզեանի եւ մասնակցութեամբ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի։
Այցելութեան սկիզբը պատուիրակութիւնը մուտք գործեց Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի, ուր Վեր. Դոկտ. Սելիմեան ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմական ուղին՝ յիշեցնելով, որ 1846-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ծնունդէն ընդամէնը եօթը տարի ետք՝ 1853-ին, Քեսապի մէջ հիմնուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին՝ դառնալով շարժումի վաղագոյն եկեղեցիներէն մէկը։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ կրած աւերումին ու հրկիզումին եւ ապա՝ անոր վերականգնումին՝ որպէս Քեսապի պատմական հողին վրայ հայ քրիստոնէական կենդանի ներկայութեան, հաւատքի շարունակականութեան եւ վկայութեան խորհրդանիշ։
Այս առիթով շեշտուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններուն՝ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն հասարակաց կոչումը՝ միասնաբար Քրիստոսի հաւատարիմ վկաները ըլլալու եւ հայ քրիստոնէական ներկայութիւնը զօրացնելու։ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպման այս բաժինը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքի միասնաբար արտասանութեամբ։
Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ՝ եղբայրական մթնոլորտի մէջ, ուր զրուցակիցները անդրադարձան եկեղեցիներու առաքելութեան, Քեսապի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման եւ միջեկեղեցական գործակցութեան կարեւորութեան։
Հանդիպումը եզրափակուեցաւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով եւ եղբայրական ողջոյններով։ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր սրտագին ողջոյնները փոխանցեց նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին։



