image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը կրնայ լքել ՀԱՊԿ-ը․ Փեսքով

Հայաստանը կրնայ լքել ՀԱՊԿ-ը․ Փեսքով

Հայաստանը կրնայ լքել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), եթէ այլեւս մտադրութիւն չունի ըլլալու անվտանգութեան ապահովման այս կազմակերպութեան անդամ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը՝ Zvezdanews-ի հարցման ի պատասխան։

«Եթէ Երեւանը, իր ազգային շահերէն ելլելով, այլեւս կարիքը չունի անդամակցելու տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման այսքան կարեւոր կազմակերպութեան, ապա ան ազատ է համապատասխան որոշում կայացնելու եւ այս կազմակերպութենէն դուրս գալու»,– ըսած է Փեսքովը։

Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար Հայաստանի կողմէ հնարաւոր յայտ ներկայացնելուն՝ Քրեմլինի ներկայացուցիչը խորհուրդ տուած է «յիշել Թուրքիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու փորձը, որոնց յայտ ներկայացնելէն արդէն տասնամեակներ անցած են»։