image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը սպառած է, գոհ կ՚ըլլամ, եթէ մեզ հեռացնեն կազմակերպութենէն. վարչապետ

ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը սպառած է, գոհ կ՚ըլլամ, եթէ մեզ հեռացնեն կազմակերպութենէն. վարչապետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահեցուցած է, որ Երեւանը ՀԱՊԿ-ի մէջ իր աշխատանքները պիտի չաշխուժացնէ եւ կազմակերպութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը սպառած է։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը թեմային անդրադարձած է Ազգային ժողովէն ներս ՀՀ կառավարութեան 2026-2031 թուականներու ծրագիրի քննարկումներու ժամանակ։

Վարչապետը, անդրադառնալով առաջիկայ հինգ տարիներուն ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու հաւանականութեան մասին հարցին, նշած է, որ կազմակերպութիւնը Հայաստանի կողմէ ուղղուած հարցերու վերաբերեալ ոչ մէկ պատասխաններ ստացած է, եւ հետեւաբար ալ, ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ հետաքրքրութիւնը սպառած է։

«Առաջիկայ 5 տարում մենք ՀԱՊԿ վերադառնալու ոչ մի պլան չունենք։ Կարող եմ վստահ ասել՝ մենք ՀԱՊԿ-ում մեր աշխատանքները չենք ակտիւացնելու։ Գիտեմ, որ ՀԱՊԿ-ում քննարկումներ կան, ու կարող են երկրին հեռացնել կազմակերպութիւնից։ Ես շատ գոհ կը լինեմ, եթէ կազմակերպութիւնը որոշի Հայաստանին հեռացնել ՀԱՊԿ-ից։ Մեզ կ՚ազատի դուրս գալ-չգալու երկընտրանքից»,-նշած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ կառավարութեան 2026-2031 թուականներու ծրագիրին մէջ գէթ մէկ յիշատակում չկայ այդ կազմակերպութեան մասին։