Ատրպէյճան եւ Թուրքիա Պաքու հրաւիրեցին Իրանի ամենաոխերիմ թշնամին՝ Իսրայէլը, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ նոյնիսկ Հայաստանի հայութիւնը ոչնչացնելու համար Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը զինէ մահաբեր եւ նոյնիսկ արգիլուած զէնք-զինամթերքով: Այս մասին ըսած է խորհրդային եւ հայ զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանցը:
«Իմ կարծիքով, Իրանը ճիշդ կը վարուի, երբ զինուած ուժերը լիարժէք մարտական պատրաստութեան կը յանգեցնէ եւ կը մօտենայ թշնամի Ատրպէյճանի սահմաններուն` զօրավարժութիւններ իրականացնելու, երկիրը պաշտպանելու նպատակով զինուած ուժերուն եւ ժողովուրդին միջեւ փոխգործակցութիւն կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ այս խորամանկ սադրիչներուն յանկարծակի յարձակումը կանխելու համար», ըսած է զօրավար Տէր Գրիգորեանցը:
Ան ընդգծեց, որ Արցախի դէմ պատերազմի քօղին տակ Ալիեւը «ՆԱԹՕ-ական Թուրքիան արդէն բերած է Ռուսաստանի քիթին տակ»:
«Յոյսով եմ, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդը այս իրավիճակը կը կարգաւորէ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռէճէպ Էրտողանի հանդիպումէն ետք», պարզաբանած է Տէր Գրիգորեանցը:
1 Հոկտեմբերին Ատրպէյճանի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ՝ Ատրպէյճանի սահմանին, սկսած են վերջին տասնամեակներու ընթացքին «Խայպերի նուաճողները» ամենամեծ զօրավարժութիւնները:
«Իրանի համար անընդունելի է այս տարածաշրջանի երկիրներու պետական սահմաններու փոփոխութիւնը: Բոլոր օրինական սահմանները պէտք է յարգուին: Որեւէ երկրի հաւանական թուլութիւնը իր սահմաններուն պաշտպանութեան հարցի շուրջ չի նշանակեր, որ մէկ այլ երկիր պէտք է սահմանը հատէ արտաքին օգնութեամբ: Իրանը այս մէկը թոյլ չի տար», ըսած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիոմարս Հէյտարին: