Ապրիլ 19-ի առաւօտեան լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած են, որ Իսրայէլ հրթիռային հարուած հասցուցած է Իրանի տարածքին մէջ գտնուող կառոյցին: Որոշ ժամանակ անց Fars գործակալութիւնը յայտնած է, որ Իրանի Սպահանի նահանգին մէջ պայթումներ հնչած են:
Դեռ յայտնի չէ` արդեօք Իսրայէլը հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ գտնուող թիրախներուն: Fars գործակալութիւնը հաղորդած է Սպահանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող ռազմակայանէն ոչ հեռու հնչած երեք պայթումի մասին: CNN-ը, յղում ընելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի, յայտնած է, որ Իսրայէլը պիտի չհարուածէ Իրանի միջուկային կառոյցները:
Իրան դադրեցուցած է որոշ քաղաքներով թռիչքները: IRNA-ն հաղորդած է իրանեան շրջաններէն մի քանիին ՀՕՊ ուժերու աշխատանքի մասին: Թեհրանի օդակայանին մէջ միառժամանակ չեղարկուած են միջազգային թռիչքները:
Press TV-ի աղբիւրները, սակայն, հաղորդած են, որ իրանեան որեւէ քաղաք օտար որեւէ երկրի կողմէ յարձակման չէ ենթարկուած: Սպահանի մէջ բարձր ձայները կապուած եղած են հակաօդային պաշտպանութեան աշխատանքի հետ՝ կասկածելի առարկաներու յարձակումները ետ մղելու համար, յայտնած է իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդը:
Յիշեցնենք, որ ապրիլ 14-ին Իրան տասնեակ ԱԹՍ-ներ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ եւ փակած է Թեհրանի օդային տարածքը` մինչեւ իշխանութիւններէն յատուկ կարգադրութիւն ստանալը: