Իսրայէլացի զինուորականները «նպատակաուղղուած գործողութիւն» սկսած են «Համաս»-ի կառոյցներուն եւ զինեալներուն դէմ Թել ալ Սուլթան շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Կազայի հատուածի հարաւային Ռաֆահ քաղաքէն արեւմուտք:
Իսրայէլի բանակի մամուլի ծառայութեան տուեալով՝ անցած օրուան ընթացքին Ռաֆահի շրջանի մէջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին սպաննուած են «Համաս»-ի զինեալներ։
Նշուած է նաեւ, որ իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ գործողութիւնները Կազայի հատուածի կեդրոնական մասին մէջ: Մամուլի ծառայութեան տուեալով՝ կիրառուած է օդուժ: