Իսրայէլը սկսած է ցամաքային ռազմական գործողութիւն հարաւային Լիբանանի մէջ։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը գիշերը յայտարարած է Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան մեկնարկի մասին: Այն ստացած է «Հիւսիսի նետեր» անուանումը։
«Քանի մը ժամ առաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը սկսած է սահմանափակ, տեղային եւ թիրախային ցամաքային յարձակումները՝ հիմնուելով հարաւային Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-ի ենթակառուցուածքի եւ կառոյցներու մասին հետախուզական տեղեկատւութեան վրայ։
Թիրախները տեղակայուած են սահմանէն ոչ հեռու գտնուող գիւղերու մէջ եւ Իսրայէլի հիւսիսային համայնքներու համար անմիջական սպառնալիք են»,-ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեան մէջ։