image

Իսրայէլ միլիոնաւոր տոլարի զէնք վաճառած է Ատրպէյճանին

Իսրայէլ միլիոնաւոր տոլարի զէնք վաճառած է Ատրպէյճանին

Իսրայէլեան Haaretz հրատարակութիւնը հետաքննութիւն կատարած է, որու հիման վրայ լրատուամիջոցները եզրակացուցած են, որ աւելի քան 90 թռիչք իրականացուած է Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի օդակայաններու միջեւ, որոնք սովորաբար կ'օգտագործուին պայթուցիկ նիւթերու արտահանման համար։

Ըստ Haaretz թերթի հետաքննութեան՝ անցեալ հինգշաբթի օր մէկ այլ ուղեւորութիւն կատարուած է բեռնատար օդանաւով, որու ընթացքին օդանաւը քանի մը ժամ կանգ առած է Էյլաթէն հիւսիս գտնուող Իսրայէլի Օվտա ռազմաօդային կայանին մէջ, որմէ ետք վերադարձած է Պաքու։

Լրատուամիջոցներու հետաքննութեան շնորհիւ պարզուած է, որ վերջին եօթ տարիներու ընթացքին Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրականացուած է 92 թռիչք, Silk Way Airlines-ի միջիցով, որ ատրպէյճանական մասնաւոր բեռնափոխադրումներու ընկերութիւն է։

Նշուած է նաեւ, որ Իսրայէլը Ատրպէյճանին գաղտնի վաճառած է միլիառաւոր տոլարներու զէնք ու զինամթերք, որն ալ ի պատասխան նաւթ ուղարկած է Իսրայէլ։

Զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է, որ Ատրպէյճանը Իսրայէլին թոյլ կու տայ հեշտութեամբ մուտք գործել Իրան եւ վերահսկել այն, ինչ կը կատարուի երկրին մէջ՝ հաշուի առնելով Իրանի հետ Պաքուի ընդհանուր սահմանը։

Haaretz-ի հետաքննութենէն ետք ընկերային ցանցերու օգտատէրերու կողմէ քննարկուած են քանի մը տեսութիւններ. ոմանք պնդած են, որ Իսրայէլը կրնայ զինել Ատրպէյճանը, որ օգնէ անոր պայքարիլ Հայաստանի դէմ:

Սակայն ոմանք պնդած են, որ Իսրայէլը Ատրպէյճանի մէջ գաղտնի բանակային զօրակայաններ կը կառուցէ՝ Իրանի հետ հնարաւոր պատերազմի համար։

Փետրուար 28-ին Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի առաջին նշանակուած դեսպան Մուխթար Մամետովը վայրէջք կատարած է Թէլ Աւիվ եւ ստանձնած իր պարտականութիւնները, ընդգծած է լրատուականը։