Իսրայէլեան օդանաւերը հրթիռակոծած են Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի արուարձանները, յայտնած է SANA գործակալութիւնը։
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ մայիս 28-ի լոյս 29-ի գիշերը իսրայէլեան օդուժը Կոլանի բարձունքներէն հրթիռներ արձակած է Դամասկոսի արուարձաններու ուղղութեամբ։ Անոր խօսքով՝ սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը կրցած է իսրայէլեան քանի մը հրթիռ խոցել։
Իսրայէլեան հարուածները հասցուած են սուրիական բանակի դիրքերուն. Կ'ենթադրուի, որ սուրիացի զինուորականներու շարքերէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Պատճառուած է միայն նիւթական վնաս։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ