Պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութիւնը կիրակի՝ յունուար 19-ի երեկոյեան, Իսրայէլի հետ հրադադարի համաձայնագրի առաջին փուլի շրջածիրէն ներս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) յանձնած է երեք կին պատանդ:
Անոնց արձակումէն եօթ ժամ անց Իսրայէլ ազատ արձակած է 90 պաղեստինցի բանտարկեալ:
Ազատուած պաղեստինցիներու շարքին է Յորդանան գետի արեւմտեան ափի 78 եւ Արեւելեան Երուսաղէմի 12 բնակիչ։
Ynet հարթակի տուեալներով՝ անոնց շարքին կայ 69 կին, որոնցմէ մէկը՝ անչափահաս, 8 անչափահաս տղայ եւ 12 տղամարդ՝ համեմատաբար փոքր յանցագործութիւններու համար դատապարտուած։
Հրադադարի համաձայնագրի իրականացումը կը ներառէ երեք փուլ. առաջինը նախատեսուած է 42 օրուան համար, իսրայէլեան ուժերն այդ ընթացքին պէտք է լքեն գօտիի ամենախիտ բնակեցուած տարածքները եւ նահանջեն դէպի անկլաւի սահմանները։ «Համաս»-ը պիտի ազատէ 33 իսրայէլցի պատանդ, այդ շարքին՝ կիներ եւ տարեց քաղաքացիներ, Իսրայէլն իր հերթին պիտի ազատէ 1890 պաղեստինցի բանտարկեալ։
Եթէ առաջին փուլի պայմանները յաջողութեամբ կատարուին, կ՚ենթադրուի, որ կողմերը կը պայմանաւորուին հետագայ փուլերու շուրջ։