Քեսապահայ մտաւորական եւ ուսուցչապետ Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝
Լաւ կը յիշեմ, թէ համաժողովրդական ինչ մեծ աջակցութեամբ կառուցուեցաւ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին իր յարակից բաժիններով ու ինչ մեծ ոգեւորութեամբ կազմակերպուեցաւ օծումը՝ 3 Մայիս 1991-ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին։ Տէրզօրեան ուխտագնացութիւնները ծայր առին։ Եկեղեցւոյ ներքնայարկէն, ուր տեղադրուած էին մեր նահատակներու անթաղ մնացած աճիւնները, վեր խոյացող սիւնը մեր նահատակութեան եւ վերածնունդի խորհրդանիշն էր՝ Յարութեան սիւնը։ Այդքանն ալ կը բաւէր ցոլացնելու մեր բովանդակ յիշողութիւնը։ Այդքանն ալ կը բաւէր, որ յուշարձանը վայելէր համազգային յարգանք։
Յետոյ շրջափակին մէջ աւելցան նոր յուշարձաններ, ինչպէս՝
— Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) տեղադրած «Անապատին վրայ Այբուբեն սորվեցնող մայրը», 1995։
— Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան տեղադրած , «Հայոց Այբուբենը», 1995։
— Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) նուիրուած յուշատախտակը, ուր նշուած են միութեան բոլոր մասնաճիւղերը աշխարհով մէկ, 2005։
Երեքն ալլ Դաշնակցութեան հովանաւորչութիւնը վայելող բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններ։
Ինծի համար հարց եղած է, թէ ինչո՛ւ, քանի որ արտօնուած է, այնտեղ յուշարձաններ չեն տեղադրած կամ յուշարձաններ չունին
— Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), որ սկիզբէն եւեթ մեծ ներդրում ունեցաւ գաղթաշխարհի բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական կեանքին մէջ։ Բոլոր դպրոցները , գոնէ մինչեւ 50ականները, նպաստաւորուած են այդ միութենէն։
— Հայ մարմնամարզական միութիւնը (ՀՄՄ), որ սուրիական գաղթավայրերու ծնունդ երիտասարդական մարզական միութիւն է։
— Թէքէեան մշակութային միութիւնը։
Կարելի է եւ մտաբերել ուրիշները։
Ինչո՞ւ։