Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Դադիվանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Յովհաննէսը եւ այլ հոգեւորականներ օծեցին Եռաբլուրի մէջ կառուցուած «Արցախի կանչ» յուշարձանը:
Յուշակոթողը նուիրուած է Արցախեան պատերազմներու մէջ նահատակուած հերոսներու, Արցախի մէջ հանգչող մեր հայրենակիցներու, ինչպէս նաեւ սեպտեմբեր 25-ին Պաշտպանութեան բանակի վառելիքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումի հետեւանքով զոհուածներու անմար յիշատակին։