image

ISIS Քիմիական Նիւթերով Հրթիռներ Կը Նետէ Բէշմարքայի Դիրքերուն Վրայ

ISIS  Քիմիական Նիւթերով Հրթիռներ Կը Նետէ    Բէշմարքայի Դիրքերուն  Վրայ

  Իրաք- ISIS  Ահաբեկչական խմբաւորումը քիմիական նիւթեր պարունակող հրթիռներ կ'օգտագործէ  քիւրտերուն դէմ: Այս  մասին տեղեկութիւնը   տրուած է   Rudow.net    կայքին կողմէ, որ նաեւ կը հաղորդէ, որ Մուսէլի  մերձ գտնուող   Բէշմարքայի  տարբեր դիրքերուն վրայ քիմիական նիւթեր  պարունակող հրթիռներ նետուած են:  Ականատեսներէ  ստանալով իր  տեղեկութիւնները աղբիւրը կը հաղորդէ, որ հրթիռներուն ինկած վայրերուն մէջ  դեղին փոշենիւթ մը բարձրացած է: Քրտական   Բէշմարաքայի պատասխանատուներ  դաշնակից  ուժերու  հետ համատեղ քննութիւն բացած են շրջանին մէջ: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ    ISIS քիմիական թունաւոր նիւթեր պարունակող հրթիռներ կը նետէ    Իրաքեան   տարբեր շրջաններու մէջ: