image

Ռուսիան ԱԹՍ-ներով, պալիսթեան հրթիռներով գրոհած է Ուքրանիան, կայ 12 զոհ

Ռուսիան ԱԹՍ-ներով, պալիսթեան հրթիռներով գրոհած է Ուքրանիան, կայ 12 զոհ

Կիրակի գիշեր Ռուսիոյ Զինուած ուժերը համակցուած յարձակում իրականացուցած է Ուքրանիոյ վրայ՝ օգտագործելով 367 օդային յարձակման զինատեսակ: Ատոնց մեծ մասը խոցուած է Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու կողմէ։

Ռուսիան կիրառած է 298 հարուածային անօդաչու թռչող սարք, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի 69 պալիսթիք եւ թեւաւոր հրթիռ։ ՀՕՊ-ը խոցած է 45 X-101 եւ «Քալիպր» թեւաւոր հրթիռներ։ Նաեւ մարտական ​​գործողութիւններու հետեւանքով վնասազերծուած է հակառակորդի 266 Shahed անօդաչու թռչող սարք։

Կիրակի գիշեր Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ իրականացուած համատեղ յարձակման հետեւանքով 12 մարդ  զոհուած է, եւս 60-ը վիրաւորուած։

Ռուսական յարձակման հարուածի տակ յայտնուած է 13 մարզ: