Իրենց տուներէն հեռանալը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու սեփական որոշումն էր։ Մեր հրապարակային շփումը անոնց հետ, ինչպէս նաեւ այն, ինչ մենք ըրինք յետոյ, ցոյց տուած է, որ մենք կը ցանկանք, որ անոնք մնան։ Այս մասին Euronews հեռատեսիլային ալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ շեշտելով, որ իրենք բացայայտ կը յայտարարէին այդ մասին։
«Բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան վերադառնալ, ունին այդ իրաւունքը։ Անոնց սեփականութիւնն ինչպէս հարկն է պաշտպանուած է։ Բոլոր պատմական եւ կրօնական կառոյցները պատշաճ պաշտպանութեան տակ են։ Վերադառնալու համար անոնք պէտք է որոշակի կանոններու հետեւին։ Ես այդ մասին ըսած եմ հակաահաբեկչական գործողութեան մեկնարկէն շատ ամիսներ առաջ։ Անոնք, որոնք կը ցանկան մնալ, պէտք է ատրպէյճանական քաղաքացիութիւն ստանալու յայտ ներկայացնեն, քանի որ ինչպէ՞ս կրնան մարդիկ ապրիլ Ատրպէյճան՝ այլ երկրի քաղաքացի ըլլալով։ Կամ անոնք պէտք է քաղաքացիութիւն ունենան, կամ աշխատանքի իրաւունք, կամ կեցութեան իրաւունք»,- ըսած է Ալիեւ։
Անոր խօսքով՝ ինչպէս ժամանակին Հայաստան լքած ատրպէյճանցիներն այսօր պէտք է քաղաքացիութիւն կամ աշխատանքի իրաւունք ստանան ՀՀ ապրելու համար, այնպէս ալ ԼՂ վերադառնալ ցանկացող հայերը։
«Ինչպէ՞ս Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցի փախստականը ցանկութեան պարագային կը վերադառնայ։ Ան չի կրնար երթալ այնտեղ եւ ըսել՝ ահա ես՝ Արեւմտեան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան բնակիչս։ Ո՛չ, ան կը վերադառնայ եւ կը դիմէ քաղաքացիութիւն կամ աշխատանքի թոյլտուութիւն ստանալու համար։ Ինչո՞ւ պէտք է այստեղ այլ կերպ ըլլայ», - նշած է ան։