image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի մէջ տագնապալի իրադրութիւն. Կան տասնեակ զոհեր

Իրաքի մէջ տագնապալի իրադրութիւն. Կան տասնեակ զոհեր

Իրաքի բանակի հրամանատարութիւնը երկուշաբթի պարէտային ժամ յայտարարած է ամբողջ երկրին մէջ: Պատճառը ցուցարարներու կողմէ Պաղտատի մէջ կառավարութեան շէնքի գրաւումն է, հաղորդած է NBC News-ը:

«Իրաքի զինուորականները պարէտային ժամ յայտարարած են երկրի բոլոր նահանգներուն մէջ երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 19:00-էն (Երեւանի ժամանակով 20:00)՝ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ հնարաւոր բախումները կանխելու յոյսով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Երկուշաբթի Պաղտատի Կանաչ գօտիին մէջ բախումներու հետեւանքով սպանուած է իրաքցի շիիթ հոգեւորական Մուքթատա Սատըրի ութ կողմնակից, եւս 85-ը վիրաւորուած է, AFP-ին յայտնած են բժիշկները:

Աւելի վաղ հարիւրաւոր մարդիկ ներխուժած էին Հանրապետութեան պալատ՝ իրաքցի քաղաքական գործիչներու՝ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ հանդիպման հիմնական վայրը։

Ազդեցիկ շիիթ հոգեւորական Մուքթատա Սատըր երկուշաբթի յայտարարած էր քաղաքականութենէն հեռանալու մասին, մինչդեռ անոր կողմնակիցները շաբաթներ շարունակ կը բողոքեն Իրանի աջակցութիւնը վայելող «Համակարգող կառոյց» դաշինքի կողմէ վարչապետի պաշտօնին Մուհամատ ալ-Սուտանիի առաջադրման դէմ:

Հակառակ որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Սատըր» դաշինքը ստացած է ամենաշատ մանթատները, սակայն չէ կրցած կառավարութիւն ձեւաւորել:

Յուլիսի վերջը Պաղտատի մէջ վերսկսած են Մուքթատա Սատըրի կողմնակիցներու բողոքի ցոյցերը։ Ցուցարարները ներխուժած են խորհրդարանի շէնք եւ ըսած, որ միտք չունին լքելու այն։ Օգոստոսին Սատըր երկրի դատական համակարգին կոչ ըրած է ցրելու խորհրդարանը, իսկ երկրի նախագահին՝ նշանակելու օրէնսդիր մարմնի արտահերթ ընտրութիւններու օրը: Սակայն Իրաքի Բարձրագոյն դատական խորհուրդը մերժած է։

Իրաք քաղաքական ճգնաժամի մէջ է. դեռ 2021 թուականի Հոկտեմբերին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք երկրի քաղաքական ուժերը չեն կրցած ընտրել նոր նախագահ եւ կառավարութիւն ձեւաւորել։