image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ ուժգին կերպով հարուածեց Լիբանանի հարաւը. Կան տասնեակ զոհեր

Իսրայէլ ուժգին կերպով հարուածեց Լիբանանի հարաւը. Կան տասնեակ զոհեր

Իսրայէլեան ԶՈւ-ն հարուած հասցուցած է Լիբանանի հարաւը գտնուող Անսար աւանի բնակելի տանը, որու հետեւանքով եօթ մարդ զոհուած է, եւս երեքը վիրաւորուած են։ Այս մասին  յայտնած են լիբանանեան շտապօգնութեան ծառայութենէն։

«Ալ-Զրարիա աւանի կողմէ Անսարի ծայրամասը գտնուող տան ուղղութեամբ օդային հարուածին հետեւանքով եօթը մարդ զոհուած է, եւս երեքը վիրաւորուած են։ Տունը ամբողջութեամբ աւերուած է»,– ըսած է ծառայութեան ներկայացուցիչը։

Աղբիւրին համաձայն՝ փրկարարական խումբերը կը շարունակեն քանդել փլատակները եւ դուրս բերել զոհուածներն ու տուժածները։ Գործողութեան կը մասնակցին «Քաշաֆ ար-Ռիսալա ալ-Իսլամիա» շարժման շտապօգնութեան ծառայութեան, Իսլամական առողջապահութեան կոմիտէի եւ Լիբանանի քաղաքացիական պաշտպանութեան աշխատակիցները։

Տուժածները կը տեղափոխուին Նապաթիա քաղաքի հիւանդանոցները։