Հանրապետութեան նախագահ Պարհամ Սալիհի դիրքորոշումը, ինչպէս յայտնի է, հաստատուն եւ աջակցող դիրքորոշում է պաղեստինեան դատին, Պաղեստինի ժողովուրդին լիարժէք օրինական իրաւունքներու ձեռքբերման եւ անոր հայրենիքի ազատագրման համար սիոնիստական միաւորման բռնագրաւումէն: Ան այդ բազմիցս ընդգծած է միջազգային եւ ազգային հարթակներէ, ինչպէս նաեւ Մակ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի նիստերուն:
Իրաքի նախագահութիւնը պատասխանած է Սատրիստական շարժման առաջնորդ Մուքթատա Սատըրին՝ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը քրէականացնող օրէնքի առնչութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահին խօսնակը ըսած է, որ «Հանրապետութեան նախագահութիւնը նախապէս ստացած էր խորհրդարանին կողմէ ուղարկուած օրէնքի նախագիծը (սիոնիստական միաւորման հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը քրէականացնող)` զայն հրապարակելու եւ վաւերացնելու ընթացակարգերը աւարտելու նպատակով, եւ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած օրէնքներուն համար Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ հետեւուող իրաւական եւ սահմանադրական մեխանիզմներուն համապատասխան»: Հանրապետութեան նախագահը «ուղղորդած էր զբաղիլ այս օրէնքին հետ խորհրդարանին կողմէ ուղարկուած բանաձեւին համաձայն, առանց որեւէ նկատողութեան, եւ այն հրապարակուած էր իրաքեան «Ալ Ուաքաէյ» թերթին մէջ 2022 թուականի Յունիս 20-ին` ուժի մէջ մտնելու համար»:
Ան յաւելած է, որ «հանրապետութեան նախագահ Պարհամ Սալիհի դիրքորոշումը, ինչպէս յայտնի է, հաստատուն եւ աջակցող դիրքորոշում է պաղեստինեան դատին, Պաղեստինի ժողովուրդին լիարժէք օրինական իրաւունքներու ձեռքբերման եւ անոր հայրենիքի ազատագրման համար սիոնիստական միաւորման բռնագրաւումէն: Ան այդ բազմիցս ընդգծած է միջազգային եւ ազգային հարթակներէ, ինչպէս նաեւ Մակ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի նիստերուն:
Աւելի վաղ Սատըրը իր ափսոսանքը յայտնած էր Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին Պարհամ Սալիհի առաջադրման կապակցութեամբ` միաժամանակ ըսելով, որ «Իրաքի ժողովուրդին համար ամօթալի է, որ իր նախագահը բնականոնացման կողմնակից, ոչ-հայրենասէր ըլլայ եւ հետեւորդ՝ Արեւմուտքի կամ Արեւելքի»:
Մայիս 26-ին Իրաքի խորհրդարանը միաձայն քուէարկեց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը քրէականացնող օրինագիծը:
Օրէնքը նպատակ ունի «պահպանել ազգային, իսլամական եւ մարդասիրական սկզբունքները Իրաքի մէջ` հաշուի առնելով բռնագրաւթող սիոնիստական միաւորման հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վտանգը, անոր յառաջմղումը, անոր հետ հաղորդակցութիւնը կամ անոր հետ որեւէ յարաբերութիւն», կ'ըսուի Իրաքի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ:
Օրէնքը նպատակ ունի նաեւ «ճանապարհը կտրել իւրաքանչիւրի համար, որ կը փափաքի որեւէ տեսակի յարաբերութիւններ հաստատել բռնագրաւթող սիոնիստական միաւորման հետ, անոր դէմ զսպող պատիժ սահմանել եւ պահպանել միասնութիւնը ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ»: