image

Իրանը յայտարարած է, որ պիտի օգտուի Իսրայէլին պատասխանելու իրաւունքէն

Իրանը յայտարարած է, որ պիտի օգտուի Իսրայէլին պատասխանելու իրաւունքէն

Իրանը, հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան վրայ, ինքզինք պարտաւորուած կը համարէ արձագանգել Իրանի տարածքի վրայ Իսրայէլի յարձակման։ Այս մասին ըսուած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ Իրանի ռազմական կեդրոններու դէմ յարձակումը եւ ատոնք կը դիտարկէ որպէս միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ակնյայտ խախտում»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ ։

Նաեւ ըսուած է, որ «Իրանը, հիմնուելով օրինական պաշտպանութեան անօտարելի իրաւունքի վրայ, որ արտացոլուած է նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին մէջ, իրեն իրաւունք կը վերապահէ եւ պարտաւոր կը համարէ պաշտպանուիլ օտարերկրեայ յարձակումներէն»:

ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու աջակցութիւնը Իսրայէլի «յանցաւոր գործողութիւններուն» Մերձաւոր Արեւելքի մէջ անկայունութեան պատճառ կը հանդիսանայ, նշած են գերատեսչութենէն։