image

Իրանը չի բացառեր Իսրայէլի դէմ նոր ճակատներու բացումը

Իրանը չի բացառեր Իսրայէլի դէմ նոր ճակատներու բացումը

«Որոշ արեւմտեան պաշտօնեաներ ինծի հարցուցած են, թէ Իսրայէլի դէմ նոր ռազմաճակատներու բացման հաւանականութիւն կա՞յ։ Իմ պատասխանն այն է, որ «սիոնիստներու գործած ռազմական յանցագործութիւններու պայմաններուն մէջ, հնարաւոր են դիմադրութեան այլ օճախներ»․ 13 հոկտեմբերին Պէյրութ կատարած այցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը։

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան լիբանանեան դիմադրութեան «Հըզպալլա» շարժման գլխաւոր քարտուղարի հետ հանդիպման յայտարարած է, որ Իրանը չի հանդուրժեր «սիոնիստական ռեժիմի» ռազմական յանցագործութիւնները Կազայի հատուածին մէջ։

«Մենք Պէյրութի մէջ ենք, որ բարձր ձայնով յայտարարենք այդ մասին։ Լիբանանի կառավարութեան հետ միասին պիտի խորհրդակցինք ստեղծուած իրավիճակի, [Կազայի հատուածին մէջ] Իսրայէլի ռազմական յանցագործութիւններու եւ իսլամական աշխարհի մէջ անհրաժեշտ քայլերու շուրջ»,- յայտարարած է Ապտոլլահեանը։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը նախորդ օրը՝ 12 հոկտեմբերին, Իրաքի վարչապետի հետ հանդիպման նշած էր․ «Ոչ ոք կը սպասէ Իրանի թոյլտւութիւնը նոր ճակատ բանալու շուրջ։ Ամէն ինչ կախուած է սիոնիստական ռեժիմի քայլերէն»։