image

Իրանի նախագահը յունուարին Թուրքիա պիտի այցելէ

Իրանի նախագահը յունուարին Թուրքիա պիտի այցելէ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին իր թուրք գործընկեր Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հրաւէրով Անգարա պիտի այցելէ։ Այս մասին յայտնած է արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերին:

Այցը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարուան առաջին օրերուն, կը սպասուի, որ այցի ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարներու նախագահութեամբ տեղի ունենայ բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստը:

Նման ձեւաչափի նախորդ միջոցառումը տեղի ունեցած է 2022 թուականին՝ նախագահ Էրտողանի Թեհրան կատարած պաշտօնական այցի ժամանակ։

Նշենք, որ Իրանի առաջնորդի այցը պէտք է տեղի ունենար այս տարուան նոյեմբերին, սակայն այն յետաձգուած է, որ լրատուականներու կողմէ տարբեր վարկածներ առաջացուցած է Անգարայի եւ Թեհրանի քաղաքականութեան մէջ իբր առկայ տարաձայնութիւններու մասին: