image

Իրանի միջուկային բանակցութիւնները դանդաղ ընթացքի մէջ են

Իրանի միջուկային բանակցութիւնները դանդաղ ընթացքի մէջ են

Վիեննայի մէջ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի (ԳՀՀԾ) վերականգնման նպատակով խորհրդակցութիւնները շատ դանդաղ կ'ընթանան: Նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանը։

«Քննարկումները կը շարունակուին, բայց մեր տեսանկիւնէն` շատ դանդաղ», ըսած է նախարարը։ Այդ, անոր խօսքով, «կը նուազեցնէ իրատեսական ժամկէտերու մէջ իրանեան աթոմի շուրջ կողմերու շահերուն համապատասխանող համաձայնութեան հասնելու հնարաւորութիւնները: Մենք դեռ հեռու ենք համաձայնութեան հասնելէ», ըսած է Լը Տրիանը: