Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը Լիբանան կատարած այցի ընթացքին հանդիպած է «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի հետ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է լիբանանեան Al Manar պարբերականը։
Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւնները եւ այն ջանքերը, որոնք կողմերը կը գործադրեն Կազայի հատուածի նկատմամբ իսրայէլեան հարուածները կասեցնելու համար։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական այցով Լիբանան ժամանած է 22 նոյեմբերին։ Անկէ քանի մը ժամ առաջ Պէյրութ ժամանած է պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժման պատուիրակութիւնը, որու անդամները ընդունած է «Հըպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարը։
Ապտոլլահեանն իր այցի ընթացքին նաեւ հանդիպած է ՀԱՄԱՍ-ի եւ «Իսլամական ճիհատ» խմբաւորման ներկայացուցիչներու հետ։ Ըստ Fars գործակալութեան՝ պատուիրակութիւններու անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են Իսլամական Հանրապետութեան Պաղեստինի ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի այցը Լիբանան անուանած են «յստակ ազդանշան ամբողջ աշխարհին»: