image

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը հերքած է մտավախութիւնը, թէ Մեծամորի աթոմակայանը կ՚աղտոտէ Արաքս գետը

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը հերքած է մտավախութիւնը, թէ Մեծամորի աթոմակայանը կ՚աղտոտէ Արաքս գետը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը հերքած է տեղեկութիւններն այն մասին, որ Հայաստանի Մեծամորի աթոմակայանը շողարձակ նիւթերով կ՚աղտոտէ սահմանային Արաքս գետը:

Անոր խօսքերը մէջբերած է Tasnim գործակալութիւնը։

«Իրանի աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութիւնը հերքած է Մեծամորի աթոմակայանի շահագործման հետեւանքով Արաքս գետի որեւէ աղտոտում»,-ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը:

Յիշեցնենք, որ սա առաջին դէպքը չէ, երբ իրանեան կողմը կը հերքէ Արաքսի շողարձակ նիւթերով աղտոտման մասին պնդումները Մեծամորի աթոմակայանի թափոններով՝ պատասխանելով, մասնաւորապէս, մամուլի հրապարակումներուն, թէ շողարձակ նիւթերով աղտոտման պատճառով, ամենայն հաւանականութեամբ, Հայաստանէն Իրանի հիւսիսը աճած է քաղցկեղային հիւանդութիւններու թիւը: