image
Հրատապ լուրեր:

Իրանցի բարձր դիւանագէտին հետ Փաշինեան Կովկասի իրավիճակը քննարկեց

Իրանցի բարձր դիւանագէտին հետ Փաշինեան Կովկասի իրավիճակը քննարկեց

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի Գերագոյն առաջնորդի խորհրդական, արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քամալ Խարազի 29 Յունուարին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Իրան համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող զանազան հարցեր:

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան լրատուական վարչութեան՝ Փաշինեան կարեւոր նկատած է Խարազիի այցելութիւնը Հայաստան, վստահեցնելով, որ անիկա նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման: 

Զրուցակիցները քննարկած են քաղաքական, տնտեսական կապերուն, ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու եւ այլ ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան եւ միացեալ նախագիծերու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։

Վերոնշեալ հանդիպումին ընթացքին, փոխանակուած են միտքեր Հարաւային Կովկասի ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ: Վարչապետը ընդգծած է Հայաստանի առանցքային մօտեցումները նշեալ հարցին շուրջ:

Տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման շրջագիծին մէջ, Փաշինեան կարեւոր նկատած է Իրանի դրական դիրքորոշումը՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին եւ անոր հիման վրայ դրուած առանցքային սկզբունքներուն վերաբերեալ: