«Իրան չի պատրաստուիր քննարկելու միջուկային համաձայնագրի քայլ առ քայլ վերագործարկման կամ նոր համաձայնագրի կնքման հարցը», Վիեննայի մէջ ընթացող բազմակողմ բանակցութիւններու եօթներորդ փուլի մեկնարկէն եքք յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէն։
Իրանի դիւանագիտական գերատեսչութեան խօսնակը կը պնդէ, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգային գլխաւոր հարցը պէտք է ըլլայ Իրանի դէմ սահմանուած նոր պատժամիջոցներու վերացումը։
Վիեննա մեկնած իրանեան պատուիրակութեան ղեկավար Ալի Պաղերիի խօսքով՝ եւս, պաշտօնական Թեհրանին համար առանցքայինը ամերիկեան պատժամիջոցներու խնդիրն է։
«Մենք երաշխիքներ կը պահանջենք առ այն, որ Ամերիկան նոր պատժամիջոցներ չի սահմաներ, չի վերագործարկեր նախապէս չեղարկուած պատժամիջոցները, կրկին միակողմանիօրէն չի լքեր միջուկային համաձայնագիրը», նշած է Պաղերին։