image

Իրան-Արեւմուտք միջուկային բանակցութիւնները փակուղի չեն մտած. Խաթիպզատէ

Իրան-Արեւմուտք միջուկային բանակցութիւնները փակուղի չեն մտած. Խաթիպզատէ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէն յայտնած է, որ Վիեննայի մէջ միջուկային գործարքի շուրջ բանակցութիւնները փակուղի չեն մտած, կողմերը կը շարունակեն քննարկել առանցքային հարցեր: «Երբ բանակցութիւնների ընթացքը կը հասնի լուրջ թեմաներու շուրջ երկխօսութեան կէտին, բանակցութիւնները կը դառնան բարդ եւ կը բախին որոշակի ձգձգումներու», յայտարարած է Խաթիպզատէն: 

Ան նաեւ յաւելած է, որ անհրաժեշտ է քաղաքական որոշում կայացնել, «Թեհրանը այդ ընդունած է շատ տարիներ առաջ, երբ միացած է միջուկային գործարքին եւ այսօր մենք կը սպասենք արեւմտեան կողմի ներկայացուած նախաձեռնութիւններու արձագանգին»: 

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանին նախօրէին իր թուիթերեան էջով գրած էր, որ Վիեննայի մէջ բանակցային աշխատանքները երթալով աւելի կը բարդանան:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 8-ին երկարատեւ դադարէ յետոյ Վիեննայի մէջ վերսկսաւ Իրան-Արեւմուտք բանակցութիւններու ութերորդ փուլը: Կ'ենթադրուի, որ ութերորդ փուլը կրնայ ըլլալ վերջինը, քանի որ խորհրդակցութիւններուն մասնակիցները աշխատանքները պէտք է աւարտեն Փետրուարին: