Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանի մէջ առկայ իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ատրպէյճանական զօրքերու կուտակման, Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին լարուածութեան աճին:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է հաւատարմութիւնը 2022 թուականի 6 հոկտեմբերի Փրակայի եւ 2023 թուականի 14 մայիսի Պրիւքսէլի պայմանաւորուածութիւններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հարցերը բացառապէս դիւանագիտական եղանակներով ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ լուծելու մօտեցումներուն:
Վրաստանի վարչապետը յայտնած է, որ պատրաստ է ներդնել անհրաժեշտ ջանքեր՝ ի նպաստ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Երկուստեք կարեւորած են խաղաղ բանակցային ճանապարհով առկայ հիմնախնդիրներու կարգաւորումը:
Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատած է, որ պատրաստակամ է հրատապ քննարկումներ ունենալ Ատրպէյճանի նախագահի հետ: