image

Ի՞նչ թաղուած է Մուսուլի փոշիներուն տակ

Ի՞նչ թաղուած է Մուսուլի փոշիներուն տակ

Արտակարգ դրութեան մէջ է ամբողջ Իրաքը: Մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ Live Stream հաղորդումներով կը պատկերասփռեն Մուսուլի մէջ ընթացող մարտերը: Իրաքեան բանակը, որուն առաջին ջոկատները անցնող օրերուն մինչեւ 20 քմ. խորութեամբ ճեղքեցին Մուսուլի առաջնագիծը,  կը շարունակեն իրենց զինուորական գործողութիւնը: Այս բոլորէն բացի քաղաքական մեծ «պազար» մը կ'ընթանայ Մուսուլի համար: Թուրքիա, որուն նախագահը բաւական վրդոված է «կը յիշեցնէ», որ Մուսուլը եւ նոյնիսկ Քէրքուքը Թուրքիոյ «պատմական» քաղաքներն են: Աւելին ալ կայ. մինչ անցնող երկու տարիներուն Էրտողանի վարչակազմը հանգիստ աչքերով կը հետեւէր Տահէշի՝ Մուսուլի մէջ կատարած «սխրագործութիւններ»ուն, այսօր կ'ուզէ ոգի ի բռին պայքար տանիլ ահաբեկիչներուն դէմ:

Շատ բան «փոխուած» է Թուրքիոյ մէջ: Մինչ մօտիկ անցեալին թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու կարգադրութեամբ նոյն այս ահաբեկիչներուն համար դէպի Սուրիա զէնք կը փոխադրուէր,  ու նոյնիսկ այդ լուրը «հետաքննական» կերպով ներկայացուցած «Ճումհուրիյէթ»ի խմբագիր Ճան Տիւնտէր եւ իր գործակիցը բանտ կը նետուէին, այսօր սակայն նոր իրավիճակ կը տիրէ եւ Անգարա կ'ուզէ ամէն գնով «հրեշտակի դերով» յայտնուիլ այս պատերազմին մէջ: Պաշտօնական Պաղտատի՝   Անգարայի քայլերուն դէմ առկայ ընդդիմութեան Թուրքիա կը հակազդէ «օգնութեան» կանչերով, իր վաղեմի դաշնակից՝ Ուաշինկթընը, որ հակառակ նախագահական «տիղմ»ին մէջ ընկղմած ըլլալուն, կը փորձէ պաշտպանութեան նախարարի մակարդակով միջամտել՝   մեղմելու համար Պաղտատ- Անգարա լարուածութիւնը:

Թէ ինչքանով պիտի յաջողի Էրտողան «բարենիշներ» ստանալ այս ճակատամարտէն, յստակ չէ, երեւելի է սակայն, որ Անգարա կը կորսնցընէ Մուսուլի երկու տարուան կեանք ունեցող գետինը:

Որո՞նք են, որ կանգնած են Տահէշի ետին,   ցարդ բացայայտուած չէ, հակառակ անոր, որ այս առումով տասնեակ սլաքներ եւ հարցման նշաններ կան:

Այս բոլորին վրայ պէտք է գումարել այն փաստը, որ Մուսուլի փոշիներուն տակ ջուր վերցնող եւ կացութիւն շրջող հազարաւոր փաստարկներ կան ու ատոնց համար է, որ Անգարա եւ նոյնինքն Ռէճէփ Թայէպ Էրտողան կը շտապեն տեղ հասնիլ պատմական այդ քաղաքի փոշիները նորէն «ծածկելու» համար: