Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին համաձայնագրի ստորագրումը հնարաւոր է միայն այն բանէն յետոյ, երբ ռուսական զօրքերը կը վերադառնան իրենց դիրքերը: Այս մասին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է Ուքրանիոյ մշտական ներկայացուցիչ Սերխի Քիսլիցան:
Ան ընդգծած է, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն կողմերը պիտի շարունակեն խորհրդակցութիւնները Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու մասին համաձայնագրի նախապատրաստման շուրջ:
Քիսլիցան պարզաբանած է, որ խօսքը կը վերաբերի «զինադադարի ներդրման մեխանիզմի, զօրքերու եւ այլ զինուած կազմաւորումներու դուրսբերման, մարդասիրական միջանցքներու մշտական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դիերու փոխանակման, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու ազատ արձակման»:
«Անվտանգութեան երաշխիքներու մասին համաձայնագրի ստորագրումը հնարաւոր պիտի ըլլան միայն այն բանէն յետոյ, երբ ռուսական բոլոր զինուած կազմաւորումները կը վերադառնան 2022 թուականի Փետրուար 23-ի դրութեամբ զբաղեցուցած իրենց դիրքերը», ընդգծած է Ուքրանիոյ մշտական ներկայացուցիչը:
«Սթամպուլի բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ Ռուսաստանը, հնարաւոր է, պատրաստ է առաջ շարժելու, բայց դեռ երկար ճանապարհ կայ անցնելու դէպի կայուն զինադադար եւ համապարփակ ապամագլցողութիւն», ըսած է ան: