image
Հրատապ լուրեր:

«Նոր օրակարգ եւ նոր տեսլական». Կը շարունակուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի այցը՝ Վատիկանի Սուրբ Աթոռ

«Նոր օրակարգ եւ նոր  տեսլական». Կը շարունակուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի այցը՝ Վատիկանի Սուրբ Աթոռ

«էքիւմէնիք շարժումը տագնապի մէջ է: Աշխարհի դիմագրաւած տագնապները զանազան ձեւերով նաեւ ազդած են միջ-եկեղեցական շարժումին վրայ: Եկեղեցիները առաջնահերթութիւն սկսած են տալ դաւանակից եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան».Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս 

Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքը Վատիկանի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ ո՛չ միայն յարաբերութիւն կը մշակէ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն ու միջ-եկեղեցական խորհուրդներուն հետ, այլ նաեւ կը նախաձեռնէ աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տասնամեակներէ ի վեր մնայուն կապի մէջ է յիշեալ բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն ծանօթ է անոնց կողմէ կատարուած աշխատանքներուն:

Վեհափառ Հայրապետին եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատու Քարտինալ Քուրթ Քոխին միջեւ հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Առաջին հերթին, Հայրապետն ու Քարտինալը ունեցան առանձին հանդիպում, որուն ընթացքին վերջինս ուզեց իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը կարգ մը զգայուն հարցերու շուրջ: Ապա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ, կայացաւ հաւաք մը, որուն ներկայ էին Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամները եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի անձնակազմը:

Քարտինալ Քոխ խօսք առնելով՝ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ժամանումը Վատիկան՝ յիշելով Նորին Սրբութեան ունեցած բազմաթիւ հանդիպումները նախկին պապերուն եւ միջ-եկեղեցական պատասխանատուներուն հետ: Ան վեր առաւ Հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնն ու հարուստ փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական մարզին, ինչպէս նաեւ սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի հետ:

Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ Հայ եկեղեցին ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնաւորաբար յատուկ կարեւորութիւն տուած է միջ-եկեղեցական շարժումին, հին դարերէն սկսեալ: Այսօր, մեր Սուրբ Աթոռը գործօն ներկայութիւն է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն, շրջանային խորհուրդներէն եւ այլ էքիւմէնիք կառոյցներէ ներս, ինչպէս նաեւ մասնակից է աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Այս յիշեցումէն ետք, Հայրապետը անդրադառնալով միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան՝ նշեց, թէ ընդհանրապէս էքիւմէնիք շարժումը տագնապի մէջ է: Աշխարհի դիմագրաւած տագնապները զանազան ձեւերով նաեւ ազդած են միջ-եկեղեցական շարժումին վրայ: Եկեղեցիները առաջնահերթութիւն սկսած են տալ դաւանակից եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան:

Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է ձեւաւորել միջ-եկեղեցական նոր մտածողութիւն, մօտեցում ու շեշտաւորում, որոնք ըլլան համապատասխան ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ակնկալութիւններուն: Այսօր, անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական ու աստուածաբանական հարցերը այնքան հրատապ չեն եկեղեցիներուն համար, որքան բարոյագիտական հարցերը, որոնք դարձած են գոյութենական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Հետեւաբար, այս հարցերը հարկ է առաջնահերթութիւն ստանան միջ-եկեղեցական գործակցութեան մէջ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, միաժամանակ անդրադառնալով Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած կարգ մը խնդիրներու:

Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Քոխին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը:

Յայտնենք, որ նոյն երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, Քարտինալ Քոխ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն կողքին ներկայ էին Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի բարձրաստիճան պատասխանատուները: Ճաշկերոյթի ընթացքին դարձեալ խօսք առնելով՝ Քարտինալը անդրադաձաւ Նորին Սրբութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ անոր բերած մեծապէս գնահատելի նպաստին միջ-եկեղեցական շարժումին առաւել զարգացման ուղղուած: