image

Թրամփ պատրաստ է քանի մը օր եւս սպասել Իրանէն «ճիշդ պատասխան» ստանալու նպատակով

Թրամփ պատրաստ է  քանի մը օր եւս սպասել Իրանէն «ճիշդ պատասխան» ստանալու նպատակով

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ԱՄՆ պատրաստ է շարունակելու Իրանի դէմ հետագայ յարձակումները, եթէ պաշտօնական Թեհրանը չհամաձայնի խաղաղութեան համաձայնագիրին՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կրնայ քանի մը օր սպասել՝ «ճիշդ պատասխաններ ստանալու համար»։

Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters-ը, Մայիս 20-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Թրամփ շեշտած է, որ իրավիճակը «սահմանագիծի վրայ է» եւ կրնայ արագ սրիլ։

«Հաւատացէ՛ք ինծի, եթէ մենք չստանանք ճիշդ պատասխաններ, ապա ամէն ինչ շատ արագ պիտի ըլլայ։ Մենք բոլորս պատրաստ ենք սկսելու»,– ըսած է ԱՄՆ նախագահը։

Հարցումին, թէ որքան երկար պիտի սպասէ, Թրամփ պատասխանած է. «Այդ կրնայ քանի մը օր ըլլալ, բայց կրնայ շատ արագ տեղի ունենալ»։

Պաշտօնական Թեհրանը նախօրէին նախազգուշացնող յայտարարութիւն տարածած էր ամերիկեան հնարաւոր յարձակման վերաբերեալ։ «Եթէ Իրանի դէմ յարձակումը կրկնուի, այս անգամ խոստացուած շրջանային պատերազմը պիտի տարածուի շրջաններէն դուրս»,– կ՚ըսուէր Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութեան մէջ։

Իսկ Իրանի խաղաղութեան գլխաւոր բանակցողը՝ խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաքեր Ղալիպաֆ, ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած ձայնային ուղերձին մէջ նշած է, որ «թշնամիին յայտնի եւ ծածուկ քայլերը» ցոյց կու տան, որ ամերիկացիները նոր յարձակումներ կը նախապատրաստեն։