Ըստ SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններուն, Յունիս 3-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Տաւուշի մարզին մէջ:
Ժամը 19:50-ի սահմաններուն, «Իջեւան«» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Իջեւանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է Իջեւան քաղաքի տուներէն մէկը, ուր յայտնաբերած է կախուած դիակ:
Ոստիկաններն ու քննիչները նշուած հասցէի տան տանիքը՝ սիւնէն պարանով կախուած վիճակով յայտնաբերած են նոյն տան բնակիչ, 17-ամեայ աղջկայ Ն.Հ.-ի դիակը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, վերջինս ինքնասպանութիւն գործած է:
Աղբիւրը նշած է, որ ինքնասպանութիւն գործած Ն.Հ.-ն կը յաճախէր Իջեւանի աւագ դպրոցներէն մէկու 11-րդ դասարանը: