«Հըզպալլա» ստանձնած է Վերին Գալիլիոյ մէջ իսրայէլեան զօրքերու հրետանային ռազմակայանի վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակման պատասխանատուութիւնը:
«Իսլամական դիմադրութեան ջոկատները քամիքաձէ անօդաչուներ կիրառած են Եիֆթախ բնակավայրին մէջ՝ հրետանային մարտկոցներու եւ զօրանոցի ուղղութեամբ հարուածներ հասցնելու համար։ Թշնամիի շարքերուն մէջ կան զոհեր եւ վիրաւորներ»,- յայտնած է «Հըզպալլա»:
Նշուած է, որ այդ գործողութիւնը իրականացուած է ի պատասխան Լիբանանի հարաւը գտնուող Մաժտալ Սիլմ շրջանի վրայ իսրայէլեան օդային հարուածին, որու հետեւանքով տուժած են խաղաղ բնակիչներ: