image

«Հըզպալլա»էն սպառնալիք՝ Կիպրոսին

«Հըզպալլա»էն սպառնալիք՝ Կիպրոսին

Լիբանանեան «Հըզպալլա»-ի ղեկավար Սայէտ Հասան Նասրալլան պատերազմով սպառնացած է Իսրայելին եւ Կիպրոսին, գրած է Reuters-ը։

Աղբիւրը նշած է, որ «Հըզպալլա» Կազայի պատերազմին զուգահեռ վերջին ութ ամիսներուն հարուածներ կը փոխանակէ Իսրայէլի հետ։ Երեքշաբթի օր Իրանի կողմէ աջակցուող խմբաւորումն անօդաչու թռչող սարքէ առնուած ռազմական կառոյցներու լուսանկարներ հրապարակած է՝ նշելով, որ ատոնք կը գտնուին իսրայէլի խորքերը։

«Իսրայէլի մէջ աւելի լայնածաւալ պատերազմի պարագային մեր հրթիռներէն եւ անօդաչու թռչող սարքերէն պաշտպանուելու անվտանգ տեղ պիտի չըլլայ», - չորեքշաբթի օր յայտարարած է Նասրալլան՝ հեռուստաուղերձին։

Ակնարկելով նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ գործողութիւններու մասին՝ «Հըզնալլա»-ի ղեկավարն ըսած է, որ Իսրայէլն «այժմ պէտք է մեզ սպասէ ցամաքէն, օդէն եւ ծովէն»։

Նասրալլան առաջին անգամ սպառնացած է նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր Կիպրոսին՝ մեղադրելով անոր իր օդակայաններն ու ռազմակայանները զօրավարժութիւններու համար Իսրայէլի առաջ բանալու մէջ։

«Կիպրոսի կառավարութիւնը պէտք է զգուշացնել՝ Լիբանանը թիրախաւորելու համար Իսրայէլի համար կիպրական օդակայաններու եւ ռազմակայաններու բացումը կը նշանակէ, որ Կիպրոսի կառավարութիւնը դարձած է պատերազմի մաս, եւ մենք ալ ատով պիտի զբաղինք որպէս պատերազմի մաս», -ըսած է Նասրալլան: