ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանը 2 Մարտին, հանդիպումներ ունեցած են Ստեփանակերտի մէջ գործող Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանի ղեկավար Դ.Ս.Գաբրիէլեանի եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի հասարակայնութեան եւ լրատւութեան բաժինի պատասխանատու Սոնա Համբարձումեանի, ՈՒԽ նախագահ Նորա Աղաբաբեանի եւ տեղակալ Նարինէ Առուշանեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարական միութեան կողմէ նախատեսուող Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման դասընթացներուն ուսանողներու ներգրաւուածութեան հարցը եւ համաձայնութիւն եղած է ծրագիրին հետ կապուած յետագայ համագործակցութեան շուրջ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ