Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կործանարար երկրաշարժէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 16 փետրուարին հովուապետական զօրակցական այցով այցելած է հալէպահայ համայնք, որ նոյնպէս մեծապէս տուժած էր երկրաշարժէն:
Կաթողիկոսը եւ անոր ուղեկցող շքախմբը դիմաւորած են Հալէպի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մուտքի մօտ: Հալէպէն կը տեղեկանանք, որ դիմաւորման արարողութեան ներկայ եղած են համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ ողջ ղեկավարութիւնը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, որ գացած էր զօրակցութիւն եւ մխիթարութիւն ստանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսէն:
Քանի որ այցի օրը համընկած էր Սուրբ Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օրուան, կաթողիկոսը հանդիսապետած է տօնին նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագին, որ մատուցած է Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանը։
Վերջաւորութեան եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցած է ժողովրդային աջահամբոյր:
