Մինչ մայիսին կը վերջանայ մարեմեան ամիսն ու Մարիամի պաշտամունքը, յունիսին կը սկսի Յիսուսի Սուրբ սրտի պաշտամունքի ամիսը: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ սովորութիւն կայ կատարելու ջերմեռանդական աղօթքներ՝ նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտին: Ծիսակատարութեան ընթացքին կը կատարուի Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն, որու ընթացքին կ'արտասանեն Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրման աղօթքները, Լիթանիայէն հատուածներ, կ'ընթերցուին Յիսուսի Սուրբ Սրտի ողորմութեամբ տեղի ունեցած բուժումներու պատմութիւններ: